Ուղիղ եթեր
copy image url
Ներքին Արտաքին 6 ամիս առաջ - 20:55 15-01-2026

Արամ Ա-ն քննարկել է Կիպրոսում հայ համայնքի շուրջ ստեղծված իրավիճակը

«Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Մայրավանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը` տիկնոջ ընկերակցութեամբ, այսօր՝ Հինգշաբթի, 15 Յունուար 2026-ի առաւօտեան։

Մահտեսեան ընդհանուր զեկոյց մը ներկայացուց Նորին Սրբութեան Կիպրոսի հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս պետութեան հետ առնչուած հարցերու մասին:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Վ. Մահտեսեանի այցելութիւնը եւ գնահատեց անոր կատարած ծառայութիւնները մեր համայնքին, եւ յատկապէս հայ համայնքին ու Կիպրոսի պետութեան միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման կարեւոր նպաստին համար»: